2016-04-28 10:24:00

Գերապ. Ապու Խազէն` առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք մը կ՛աղքատացնէ ամէնքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս շաբաթասկիզբին, Միլանոյի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը ''Սուրիա` իղձի երկիր, Հալէպի մէջ բնակող յոյսը'' նիւթին մասին։ Ժողովին իր միջամտութիւնը բերաւ ի մէջ այլոց, գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն` Սուրիոյ լատիններու առաքելական տեղապահը։

''Եթէ մեր երկիրը ու Միջին Արեւելքը պարպուի քրիստոնեաներու ներկայութենէն, բոլորիս աւելի աղքատ պիտի դառնանք'' ըսաւ գերապայծառ Ապու Խազէն, վերոնշեալ խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։  ''Այս մէկը համոզումն է նաեւ բազմաթիւ մահմետականներու'', յարեց ապա գերապայծառ Ապու Խազէն։ 

''Այս պատերազմը կարելի է յաղթահարել միմիայն աղօթքով, եղբայրօգնութեամբ ու զօրակցութեամբ, հաստատեց  Ան եւ աւելցուց ''Ողորմութեան այս տարին պէտք է մղէ քրիստոնեաները, հիւսելու համակեցութիւնը ու բարեկամութիւնը, որոնք սուրիական հարուստ խճանկարը կը կազմէին, որ` նախքան զինեալ ընդհարումները կազմուած էր 23 տարբեր ցեղային ու կրօնական խումբերէ։

Նահատակուած Հալէպ քաղաքը եւս ունի իր սուրբ Դուռը, ս. Ֆրանչիսկոսի ժողովրդապետութեան մէջ։ Հակառակ որ եկեղեցին թիրախ դարձած է ռմբակոծումին։ 13 Հոկտեմբերէն ի վեր ս. Ֆրանչիսկոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ կարելի է ապրիլ Ողորմութեան յոբելենական տարին։ Քաղաքը որ կը հաշուէր չորս միլիոն բնակիչ, չորս տարուայ պատերազմէն ետք, վերածուած է երկու միլիոնի։Իսկ Քրիստոնեաները որոնք Հալէպի մէջ կը հաշուէին 200 հազար, այսօր հազիւ 90 հազար անհատի վերածուած են ու անոնց 30 եկեղեցիներու կէսը կործանուած է, յարեց գերապայծառ Ապու Խազէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.